2023 թուականին Քալիֆորնիոյ Սպառողներու հարցերու բաժանմունքը (DCA) նոր տեսք կ'ունենայ:

3 Յունուար 2023-ին, Քալիֆորնիոյ Սպառողներու հարցերու բաժանմունքը (DCA) պիտի սկսի նոր պատկերանիշ մը գործածել:

Image of the current DCA logo with an arrow pointing to the new DCA logo as of January 2023

DCA-ին նոր պատկերանիշը կը ներկայացնէ Բաժանմունքին յաջորդ փուլն ու ապագան՝ կցուած ռազմավարական նոր ծրագիրով:

Սպառողներու պաշտպանութիւնը կը շարունակէ առաջնորդել Բաժանմունքին առաքելութիւնն ու առաջնահերթութիւնները: DCA-ը բարձր չափանիշներով կը գործէ, որպէս արտօնագրող կազմակերպութիւն, կարգաւորող, դաստիարակող եւ ծառայութիւններ մատուցող:

Նոր պատկերանիշին անցումը տեղի պիտի ունենայ տարբեր փուլերով՝ 2023 տարուան ընթացքին։ Անցումի ընթացքին, նախապէս գոյութիւն ունեցող տարրերը, որոնք DCA-ի նախկին պատկերանիշը ունին, կը մնան վաւեր եւ փոխարինում կամ թարմացում չեն պահանջեր: Կը նախատեսուի, որ անցումային գործընթացին ամբողջական իրականացումը տեւէ մէկ տարի:

Արտօնագրուած որոշ անձեր արտօնագրման փաստաթուղթերու վրայ պիտի սկսին նոր պատկերանիշը տեսնել ուրիշներէ առաջ՝ 2023 տարուան անցումային շրջանի ընթացքին: Եթէ անհատներ ապագային հարցումներ ունենան նոր պատկերանիշը պարունակող հաղորդակցութիւններու վերաբերեալ, կամ կարիքը զգան ստուգելու պաշտօնական հաղորդակցութիւնները, կը խնդրուի կապ հաստատել:

  • Յատուկ խորհուրդի մը կամ գրասենեակի մը հետ կապ հաստատելու համար այցելեցէ՛ք https://www.dca.ca.gov/about_us/entities.shtml:
  • DCA-ի Սպառողներու տեղեկատուական կեդրոնին հետ կապուելու համար հեռաձայնեցէ՛ք 800-952-5210 թիւին կամ ե-նամակով՝ dca@dca.ca.gov:

Նոր պատկերանիշին մասին

Ցուցադրելով մեր նահանգի պաշտօնական գոյները՝ նոր պատկերանիշը տեսողականօրէն կը ներառէ Բաժանմունքին տեսլականը՝ միասի՛ն, պաշտպանելով Քալիֆորնիոյ սպառողները.

  • Վահան. Վահանը կը ներկայացնէ Բաժանմունքին ամուր եւ երկարամեայ պաշտպանութեան յանձնառութիւնը:
  • Նահանգ. Նահանգը կը ներկայացնէ Քալիֆորնիոյ 40 միլիոն բնակիչները, որոնց Բաժանմունքը խոստացած է եւ պատիւը ունի ծառայելու:
  • Աստղ. Աստղը կը ներկայացնէ սպառողներու պաշտպանութիւնը՝ որպէս Բաժանմունքին իսկական առաջնորդող սկզբունքը. իր սեփական Հիւսիսային աստղը: